25.08.2010

Հանդիպում՝ Գարեգին Արք. Պեքճեանի Հետ

www.keghart.com
Համադրեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Քէօլն-Գերմանիա, 4 Օգոստոս 2010

Մեր 3-ժամեայ ճանապարհորդութիւնը դէպի Քէօլն, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարան՝ տեղի կ’ունենայ բազմաթիւ ընդհատումներով՝ այս երկրին համշենահայերու “Մայր”՝ Ալիս Ալիյէ Ալթի ինքնաշարժով…։ “Պատուիրակութիւնը” կը բաղկանայ նաեւ Պէյրութէն յատկապէս ժամանած, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանէ, Գանատայէն հիւրաբար գտնուող՝ հետազօտող Անուշ Աբրահամեանէ, “քրտացած” հայերու անխոնջ մարտիկ Սիմոն Կիւնտէնէ։
 
Գերմանահայոց Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ջերմօրէն մեզի կ’ընդունի եւ հանգստապատառիկներով կը հիւրասիրէ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան, խիզախ եւ հեզահամբոյր հոգեւորական մը, որ այժմ կը վարէ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը եւ գլխաւոր թեկնածուներէն է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի պաշտօնին։ Իր հարցազրոյցները Թուրքիոյ հեղինակաւոր թերթերուն, ուր յայտարարած էր թէ բիւրաւոր դաւանափոխ “կորսուած” հայեր կան Թուրքիոյ մէջ, որպէս հետեւանք Ցեղասպանութեան՝ շատ մեծ աղմուկ բարձրացուց ամէնուրեք։ Գարեգին Սրբազան, Գերմանիա ժամանած բազմաթիւ այդպիսի հայերու մկրտութիւնը եւ վերադարձը հայ ժողովուրդի գիրկը կազմակերպած է անձնապէս։ Ինքն ալ կը ծրագրէ գլխաւորել, ուխտագնացներու խումբ մը՝ դէպի Վան ու Ախթամարի Սբ. Խաչ եկեղեցին, նաեւ Արեւմտահայաստան։
 

Մեր հանդիպումը նաեւ կը վերածուի հարցազրոյցի. Սրբազան Հայրը հետեւեալ կարեւոր տեղեկութիւնները կը փոխանցէ մեզի.

“Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց թերթերուն մէջ, ուր պահանջեց պետական ատեան-գրասենեակներէն՝ փոքրամասնութիւններուն գործերը դիւրացնել, մանաւանդ առկախ հարցերու մէջ։ Յիշեցնենք որ նախկին կառավարութիւնները որեւէ որոշումներ չառին եւ կամ փոքրամասնութիւններու գործերուն ընթացք չտուին։ Ընդհակառակը՝ կացինահարեցին եւ միշտ խանգարեցին։

Կը կարծեմ, թէ որոշ ժամանակ ետք, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ, կարելի է որոշ քայլեր նախաձեռնել այդ ուղղութեամբ։ Մանաւանդ որ թուրքերը շատ զգայուն են դուրսի միջամտութիւններուն հանդէպ եւ միշտ հակառակը կ’ընեն այդպիսի պարագային…։ Ուրեմն պէտք է Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուի, մանաւանդ որ մենք այսօր որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն ճանչցուած ենք։ Այժմ կարող են գիրքեր ալ ունենալ եւ աւելին՝ Թուրքիոյ մէջ վաճառքի հանուած են Վահագն Տատրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերը, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկի եւ այլ հայ ազգային հերոսներուն կեանքին մասին թարգմանուած հրատարակութիւններ։ Այս կը նշանակէ թէ պետութիւնը ինքզինք ուժեղ կը զգայ, նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ մուտք գործելու ցանկութիւնը պատճառ են այսպիսի թոյլտուութիւններու։
"

Յաջորդ հինգ տարիներու համար՝ որպէս Գերմանահայոց հոգեւոր Առաջնորդ ընտրուած Գարեգին Արքեպիսկոպոսը նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան գլխաւոր թեկնածուներէն է։ Այս հարցով, ան հետեւեալ բացատրութիւնները տուաւ մեզի.

“Դժբախտութիւն պատահեցաւ այս վերջերս, երբ երկու դիմում կատարուեցաւ Թուրքիոյ պետութեան՝ Աթոռակից Պատրիարքի եւ բուն Պատրիարքի ընտրութիւն։ Կրօնական ժողովը, որ պետութեան կողմէ միակ պաշտօնական մարմին կը ճանչցուի՝ աթոռակից Պատրիարքի դիմում կատարած էր։ Ընտրական յանձնախումբ մըն ալ նշանակուած էր, ան ալ իր կողմէ, իր մտածումով՝ բուն Պատրիարք ընտրելու դիմում յղած էր։ Շփոթութիւն մը ստեղծուեցաւ։ Իսկ պետութիւնը՝ պատճառաբանելով թէ ներկայ Պատրիարքը կ’ապրի՝ ցուցմունք տուած էր որ պատրիարքական փոխանորդ ընտրուի։ Այս նոր պաշտօն մըն էր որ մեր պատմութեան մէջ չկար…։ 24 ժամուան ընթացքին, նախկին փոխանորդը՝ իր կրօնականներով ինքզինք ընտրել տուաւ։ Արամ Աթեշեան այս ձեւով շատ մեծ սխալ մը գործեց՝ առանց մեզի եւ Սեպուհ Սրբազանին (որ Հայաստան կը գտնուի), լուր տալու նախ եւ առաջ։ Երկրորդ, ես Մարշալեան Սահակ Եպիսկոպոսը (որ նոյնպէս Հայաստան կը գտնուի) անդամ ենք Կրօնական Ժողովին եւ Թուրքիոյ Պատրիարքական Միաբանութեան։ Հիմա դատ բացուեցաւ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը։ Մինչեւ այժմ կը մնամ Պատրիարքական թեկնածուԿ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան։"

Իսկ թէ ինչ խօսք ու պատգամ ունի Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցելու սփիւռքահայութեան՝ քիչ մը մտածելէ ետք ըսաւ.

“Նախ ըսեմ որ կրօնական եւ ազգային տեսակէտով մեծ նահանջ մը կայ։ Սակայն աւելցնեմ որ բազմաթիւ դաւանափոխ հայեր, որոնք համարձակութիւնը ունենին գալու մեր մօտ, գրկաբաց կ’ընդունինք եւ իրենց ցանկութեան համաձայն ալ կը մկրտենք։ Անոնք ի վերջոյ շրջանակ մը ունին եւ իբր քիւրտ ճանչցուած են ու չեն ուզեր իրենց կապերը խզել իրենց շրջապատին հետ ։ Վերջերս, Մկրտիչեան անունով մէկը մեզի e-mail-ով նամակ մը գրած էր, թէ ինք ծագումով հայ է, Վանի կողմերէն եւ մեզի հետ կը ցանկայ Վան երթալ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ ճնշման տակ մնալով, վախի ազդեցութեամբ կ’ապրի։"
Ակնարկելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն Գարեգին Արքեպիսկոպոսը կը շարունակէ.

"Հայոց երիտասարդ պատրիարքին առողջական դժուար վիճակը, ձերբակալութիւնները հարիւրաւոր զինուորականներու, որոնք կը դաւէին սպաննելու Հայոց եւ Յունաց Պատրիարքները, բազմաթիւ փրոֆեսորներ, ու տապալելու ներկայ կառավարութիւնը, բաւականին բարդ իրավիճակ մը ստեղծեց։

Անդրադառնալով հայ նոր սերունդի դաստիարակման գործին՝ ապա եւս այս սպառողական աշխարհին ՝ ըսեմ որ ծնողները կեանքի եւ ապրուստի հեւքին մէջ կը մոռնան իրենց զաւակները որպէս հայ եւ մարդ մեծցնելու կարեւոր գործը, յաճախ այդ յանձնելով օտար դաստիարակներուն, կորսնցնելով իրենց ապագան, ինքնութիւնն ու հոգին՝ նոյնիսկ եթէ աշխարհը վաստկին։
"

Շնորհակալութիւն յայտնելով Գարգին Պեքճեան Սրբազանին եւ մեզի հիւրընկալող Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան աշխատակազմին, հրաժեշտ կու տանք դարձեալ այցելելու խոստումով։

Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ 10 Սեպտեմբեր 2010էն՝ 21 Սեպտեմբերը՝ նախաձեռնութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան՝ ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպուի դէպի Վան՝ ներկայ ըլլալու Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք Սբ. Պատրագին, որուն ներկայ պիտի ըլլան Սփիւռքէն ժամանած աւելի քան 5000 հայեր։ Արդէն իսկ, “գաղտնի” հայերէն շատեր՝ իրենց բնակարանները տրամադրած են իրենց հիւր ազգակիցներուն, որոնք պիտի այցելեն նաեւ Մուշ, Պիթլիս, Այնթէպ, Ուրֆա, Մարտին, Սետիաթ, Տիարպեքիր, Պայազիտ եւ այլ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներն ու պատմական յուշարձանները։

Комментариев нет:

Отправить комментарий