19.05.2011

Հայր Ս. Իսախանեան՝ Գերմանահայերու Մասին

Համօ Մոսկոֆեան, Հանաու-Գերմանիա, 1 Մայիս 2011

Հայր Սերովբէ Իսախանեան
Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ
Հեսլն նահանգի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ


Հարցում.- կ’ապրիք ու կը գործէք եկեղեցական թէ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններով լի ժամանակներ՝ հաւատքի թէ ազգային ինքնագիտակցութեան, դաւանափոխ հայերու վերադարձին եւ այլ կարեւոր մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման։ Այս կապակցոաթեամբ ի՞նչ կը հաղորդեք մեր ընթերցողներուն:
Պատասխան.- Բնականաբար եկեղեցւոյ հիմնական գործունէութիւնը իր ժողովուրդին հոգեւոր սպասարկումն է։ Բնականօրէն եւ վերջին ամիսներուն, իմ աշխատանքներս կը շարունակեմ Գերմանիոյ հայ գաղութին մէջ։ Այն իր հարցերով, մարտահրաւէրներով կը նմանի Սփիւռքեան հայ գաղութի։ Մեր հիմնական խնդիրը, երէկ եւ այսօր, շատ ցրուած կ’ապրինք Գերմանիոյ հսկայական տարածքին վրայ։ Այս երկրի հայութեան զանգուածային ներգաղթը սկսաւ վերջին 50 տարիներուն։ Ով ուր որ գործ գտաւ, այնտեղ հաստատուեցաւ, որուն հետեւանքով մենք ցրուած ենք եւ այդ է մեր գլխաւոր դժուարութիւնը համայնքային գործունէութեան մէջ։  Օրինակ՝ իմ պաշտօնավարած տարածքս երկու Հայաստանի չափ է։ Մենք, հոգեւորականներս այս տարածքին մէջ ամէն բան չենք կրնար ընել:

Վերջերս արհեստավարժ խմբավար մը հրաւիրեցինք աշխատանքի, որ երաժշտական կրթութիւնը Հայաստանի մէջ ստացած է, որպէսզի երգչախումբեր կազմակերպէ՝ 3 համայնքներու մէջ երաժշտական թէ աշխարհիկ երգեր սորվեցնելով։ Մեր պատանիները ոչ միայն հայերէն դասընթացքներու կը հետեւին, այլեւ երգի ու երաժշտութեան, որ մեր հայկականութիւնը կ’արտացոլէ։ Կը մտածենք նաեւ թատերական խումբ մըն ալ ստեղծել՝ երիտասարդութիւնը աւելի կապելու հայ եկեղեցիին եւ հայկական ինքնութեան։ Գերմանիոյ մէջ այսօր հայկական աշխոյժ ազգային կեանք շատ քիչ կայ։ Այս բոլորին կողքին պէտք է կապուիս նաեւ հայ երիտասարդին եւ բացատրես թէ ինչո՞ւ կարեւոր է կապուած մնալ հայութեան, եկեղեցիին, մշակոյթին...։

Այս բոլորէն դուրս, որուն մասին անդրադարձած ենք բազմիցս՝ դաւանափոխ հայերու հետ մեր հանդիպումն է։ Այսինքն կայ համշէնահայերու եւ մահմետականացած այլ հայերու խնդիրը։ Անոնք ծագումով հայեր են, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ հալածանքներու պատճառով դաւանափոխ եղած են։ Կամաց-կամաց, այդ ժողովուրդին մէկ մասին, որոնց մէջ հայ ըլլալու շարժումը չէ մարած, վերադարձի շարժում մը սկսած է։ Այսօր մեր համայնքներու, առաջնորդարանի եւ ուրիշ գաղութներու մէջ ալ պէտք է կեցուածք մը ճշդել՝ որպէսզի կարողանանք այս ժողովուրդը իր ինքնութեան վերադարձնել։

Մկրտութիւններ եղած են, մեզի նոր մկրտութեանց դիմումներ կան եւ կայ այդ շարժը։ Անոնք բոլորը նոյն կարծիքը չունին, սակայն անոնց վերադարձը պէտք է տեղի ունենայ քրիստոնէութեան ինքնութեան հարցով։ Ճիշդ է որ հայութիւնը կազմակերպուած է Քրիստոնէութենէ 2000 տարիներ առաջ, սակայն վերջին 1500 տարիներէ ի վեր, գերակշռողը քրիստոնէութեան ինքնութիւնն է։ Ես այս կարծիքին չե՛մ որ՝ «ով որ քրիստոնեայ չէ հայ չէ...»։ Գերմանիան ազատ երկիր է եւ ամէն մարդ ազատ է իր ցանկացած հաւատքին հետեւելու։ Նոյնիսկ եթէ մէկը անհաւատ է ապա եւ նոյնպէս հայ քրիստոնէական մշակոյթի կրողն է։ Ցանկալի է որ դէպի հայութիւն վերադարձը ըլլայ ա՛յս ճանապարհով։

Հարցում.- Բազմաթիւ կարծիքներ կան Գերմանիոյ հայերու թիւին մասին, նկատի առնելով որ վերջին տարիներուն բազմապատկուած է ան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ մասին։

Պատասխան.- Կան բազմաթիւ մօտաւոր թիւեր։ Ասկէ 15 տարիներ առաջ երբ Գերմանիա եկայ, կ’ըսուէր թէ 20,000 հայ կայ այստեղ։ Անոր վրայ կարելի է ամէն տարի աւելցնել 5 հազար նորեկ հայեր։ Այսօր ոմանք կը խօսին 60 հազար հայերու մասին։ Ոչ մէկ վիճակագրութիւն չունինք, հակառակ որ բազմաթիւ ընտանիքներու հասցէներ կան Առաջնորդարանի տոմարներուն մէջ, սակայն շատ հայեր ոչ մէկ առնչութիւն ունին մեզի թէ հայ գաղութին անդամներուն հետ։

Հայաստանէն ալ հազարաւոր արտագաղթածներ կան։ Կը կարծեմ թէ 45-50 հազար է հայութեան թիւը՝ որոնց վրայ պէտք է աւելցնել համշէնահայերն ու դաւանափոխները՝ որոնց թիւին մասին ալ բազմաթիւ հակասական տուեալներ կան։ Ասոնց սիրտը փխրուն է։ Մէկ կողմէ անոնք գիտեն որ մահմետական են, սակայն հայ են, իսկ միւս կողմէն հայ հանրութիւնը միատեսակ չի վերաբերիր ասոնց հանդէպ։ Մերժողական կեցուածք ունեցողներ կան...։ Հանդուրժողներ եւ գրկբաց ընդունողներ ալ կան։ Անոնց համայնքային ներգրաւումն ալ բաւական դժուար է։ Հազար ու մէկ տեսակ մօտեցումներ կան։ Ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր եկեղեցին ու պետութիւնն ալ հասարակաց կարծիք ու դիրքորոշում որդեգրէր դաւանափոխ հայերուն հանդէպ։

Комментариев нет:

Отправить комментарий